2014-11-21 14:17:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 21 նոյեմբերի քարոզը` ''Եկեղեցիները շահավաճառութեան վայրեր թող չ՛ըլլան''։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014)''Եկեղեցիները երբեք թող չվերածուին շահավաճառութեան վայրեր, Յիսուսի փրկագործութիւնը անվճար է''` ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ուրբաթ, 21 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
՝՝Յիսուս տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել առուտուր ընողները՝՝. (Ղուկ. 19, 45-48)
''Մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը Ֆրանչիսկոս Պապը` յայտնեց թէ
Աստուծոյ ժողովուրդը տաճար կը յաճախէ աղօթելու համար եւ ոչ թէ վաճառականներու դիմելու''։ Ան ապա ակնարկելով այն գայթակղութիններուն զոր քրիստոնեաներու կը պատճառեն իրենց դիրքորոշումներով, հարց տուաւ ՝՝քանի անգամ այսօր եւս եկեղեցի չմտած հոն կը գտնենք սուրբ մկրտութեան կամ օրհնութիւններու գիներու ցուցակը'' ու հաստատեց` ''այս մէկը մեծ գայթակղութիւն կը պատճառէ ժողովուրդին''։
Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհականներու դասն ալ պատասխանատու նկատեց ու յորդորեց քաջութիւնն ունենան խօսելու ժողովրդապետին հետ եւ լուծումի մը հանգելու։
՝՝Աշխարհականները գիտեն ներել իրենց ժողովրդապետները երբ անոնք տկարութիւններու պատճառով մեղքի մէջ կ՝իյնան բայց ոչ՛ երբ անոնք վաճառականութեամբ կը զբաղին, եւ երբ քէշութեամբ կը վարուին աշխարհականներուն հետ։
''Ինչո՞ւ համար Յիսուս դէմ է դրամին'', հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատասխանեց` ''որովհետեւ Աստուծոյ փրկագործութիւնը անվճար է''։
''Յիսուս փոխանցեց մեզի Աստուծոյ անսահման սէրը՝ անվճար'' հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց Տիրամօր ի տաճար ընծայման տօնին, ըսելով` ''Տիրամայրը համեստ կին մըն էր, խնդրենք Անորմէ որ մեզի, բոլոր ժողովրդապետներուն ու բոլոր անոնց որոնք պատասխանատուութիւններ ունին Հովուական խնամակալութեան ծիրէն ներս, մաքուր ու վճիտ պահելու Աստուծոյ Տաճարը, սիրով հիւրընկալելու հոն եկողները, իբրեւ թէ ըլլային նոյնինքն Տիրամայրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.